Blog Archives

ՅԻՆՈՒՆՔ=ՅԻՍՈՒՆՔ – Ծիսական բառարան

Յինանց շրջան, Հինանց շրջան

Այս անունը կը տրուի Զատկէն մինչեւ Հոգեգալուստ 50 օրերուն միջոցին՝ որ ամբողջովին տէրունի տօներ են ի պատիւ Յարութեան եւ վերջին տասը օրերը նաեւ ի պատիւ Համբարձման, իսկ վերջին յիսներորդ օրն ալ Հոգւոյն Սրբոյ գալստեան նուիրուած է: Այդ յիսուն օրերը ամբողջովին ուտիք էին, որովհետեւ Հայ Եկեղեցին չէ ուզած Մեծ Պահքէն դուրս տէրունի օր մը պահք պահել: Միայն Շնորհալիէն սկսեալ՝ Համբարձումէն ետքը եկող երկու ուրբաթները եւ մէկ չորեքշաբթին պահքի օր եղան կերակուրի կողմէ՝ եկեղեցւոյ մէջ տէրունի տօնը անփոփոխ մնալով:

Աղբյուրը՝ Մաղաքիա արքեպ. Օրմանեան, Ծիսական բառարան

Կարդացե՛ք նաև ԱՄՊՀՈՎԱՆԻ – Ծիսական բառարան

ՏԱՂԱՒԱՐ [ՏՕՆ] – Ծիսական բառարան, Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանյան

տաղավար տոն, Օրմանյան

Այդպէս կը կոչուին հինգ մեծ տէրունի տօները որոնք շաբաթապահք, նաւակատիք, մեռելոց եւ քանի մը օր շարունակութիւն ունին։ Այս հինգ տօներն են Աստուածայայտնութիւն 8 օր, Յարութիւն 50 օր, Այլակերպութիւն 3 օր, Վերափոխում 9 օր եւ Խաչվերաց 7 օր։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրն ալ տարւոյն մէջ որոշ միջոցի մը սկզբնաւորութիւնն են։ Վճռական կերպով յայտնի չէ թէ ի́նչ առնչութիւն կայ տաղաւար կոչման եւ այս մեծ տօնախմբութեանց մէջ։ Ոմանք կը կարծեն թէ ինչպէս Հին Ուխտին մէջ մեծահանդէս տօնախմբութիւն մըն էր Տաղաւարահարքը կամ Տաղաւար կոչուած տօնը, նոյն են քրիստոնէից համար այդ տէրունի տօները։ Թերեւս հաւանական է կարծել թէ իրօք տաղաւարներու հաստատմամբ տօնավաճառի նման հանէսներ կը կազմակերպուէին այս մեծ տէրունիներուն, եւ անկէ մնացած ըլլայ տաղաւար յորջորջումը։

Աղբյուրը՝ Մաղաքիա արքեպ. Օրմանեան, Ծիսական բառարան

ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐ – Ծիսական բառարան

մեռելոց, Օրմանյան

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ննջեցեալներուն համար յատուկ յիշատակութիւն ու աղօթք կ’ըլլան հինգ տաղաւարներուն Բ. (2-րդ) օրերը, որոնք հրամայեալ հանգստեան տօն ալ եղած են՝ հաւատացեալներուն դիւրութիւն ընծայելու համար իրենց մեռեալներուն այցելելու եւ անոնց համար աղօթելու։ Մեռելոցի օր կը նկատուի Բուն Բարեկենդանի նախընթաց վերջին ուտիք Հինգշաբթին, որովհետեւ Մեծ Պահքի մէջ ննջեցեալներուն համար աղօթքներ կը դադրին եւ վերջին անգամ աւելի հանդիսաւոր կերպով ննջեցեալներուն համար աղօթել տալ պատշաճ էր։ Տարւոյն մէջ ամէն պահոց Ուրբաթներն ալ ննջեցեալներուն յիշատակ կ’ըլլայ «Հանգստեան հարց» ըսելով, իսկ այն ամէն օր որ պատարագ պիտի մատուցուի՝ գիշերապաշտման կարգը հանգստեան շարականով, աւետարանով ու երգով կը կատարուի, ի բաց առեալ կրկին տէրունիներն՝ յորս տէրունիներէն միոյն կարգը գիշերապաշտման տեղ կը քաղուի ի դիւրութիւն։

Աղբյուրը՝ Մաղաքիա արքեպ. Օրմանեան, Ծիսական բառարան

Կարդացե՛ք նաև Ճրագալոյց

Ննջեցյալների համար աղոթքի մասին. Ալեքսանդր Շմեման