ԸՆԾԱՅՈՒՄՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ – Ծիսական բառարան
Աստուածածնի առաջին կեանքը Աւետարաններու մէջ յիշուած չէ, բայց աւանդութեամբ գիտենք թէ Մարիամ իր Յովակիմ ու Աննա ծնողքին ամլութեան զաւակն եղած եւ ուխտով ստացուած է. եւ այս ուխտին համեմատ Յովակին եւ Աննա իրենց միամօր զաւակ Մարիամը երեք տարեկան եղած ատեն տաճարին ընծայած են, որպէս զի հոն նուիրուած այրիներու եւ կոյսերու հսկողութեան ներքեւ աստուածապաշտութեան մէջ զարգանայ եւ տաճարին ծառայէ: Այս ընծայման կամ նուիրման տօնը կը կատարենք հաստատապէս Նոյեմբեր 21-ին՝ ո՛ր օր ալ հանդիպի, հետեւելով Յոյն ու Լատին եկեղեցիներու սովորութեան՝ իբր զի այդ տօնը մեր հին տօնացոյցներու մէջ չ’երեւիր բնաւ, եւ հազիւ երեք դարէ ի վեր մուտ գործած է մեր մէջ, նախ կամաւոր եղած, եւ յետոյ պարտաւորիչ դարձած:
Աղբյուրը՝ Մաղաքիա արքեպ. Օրմանեան, Ծիսական բառարան
Կարդացե՛ք նաեւ ՎԱՐԱԳԱՅ ԽԱՉ – Ծիսական բառարան
Advertisements
Posted on November 21, 2015, in Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանյան and tagged Հովակիմ, Մարիամ Աստվածածին, Յովակիմ, Աննա, նոյեմբերի 21, Ընծայում, ուխտ, տաճար. Bookmark the permalink. Leave a comment.
Leave a comment
Comments 0