ԾՆՈՒՆԴ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ – Ծիսական բառարան
Տիրամօր ծնունդը Աւետարանին մէջ գրուած չէ, բայց հաստատուն աւանդութեամբ գիտենք թէ անոր ծնողքն էին Յովակիմ կամ Եղիակիմ Դաւթի ցեղէն, եւ Աննա՝ դուստր Յակոբայ Ղեւեայ ցեղէն, եւ թէ Աննա ամուլ էր եւ ուխտով ու աղօթքով ունեցաւ իր միամօր զաւակը Մարիամ: Ծննդեան տեղն ալ յայտնի չէ. բայց հաւանաբար Բեթղեհեմէն կամ Նազարէթէն տարբեր տեղ մը չէր: Իսկ ժամանակն ալ Քրիստոսի ծնունդէն 17 կամ 18 տարի առաջ, զի սովորաբար 16 կամ 17 տարեկան եղած կը կարծուի Մարիամ Աւետման ատեն: Տօնը կը կատարուի հաստատունկերպով Սեպտ. 8-ին, որ օր ալ որ հանդիպի, բայց Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ԺԳ. դարուն միայն սկսած է հաստատուն կերպով տօնուիլ Աստուածածնի ծննդեան յիշատակը, եւ հին տօնացոյցերու մէջ Խաչի բարեկենդանի Կիրակիին ալ միացած կը գտնուի:
Աղբյուրը՝ Մաղաքիա արքեպ. Օրմանեան, Ծիսական բառարան
Կարդացե՛ք նաև ՏԱՂԱՒԱՐ [ՏՕՆ] – Ծիսական բառարան
Posted on September 9, 2015, in Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանյան and tagged Հովակիմ, Յովակիմ, Սուրբ Մարիամ, Տիրամայր, Աննա, Աստուածածին, Աստվածածին. Bookmark the permalink. Leave a comment.
Leave a comment
Comments 0