ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ – Ծիսական բառարան
Երկրորդ Ծաղկազարդ կը կոչուի Համբարձման յաջորդող Կիրակին որ յատուկ տօն մը չունի, այլ ըստ կարգի աւուրց՝ Յինանց 43-րդ ու Համբարձման 4-րդ օրն է: Երկրորդ Ծաղկազարդ անունն առած է պարզապէս օրուան աւետարաններէն: Հայ Եկեղեցին Նոր Կիրակիէն սկսեալ՝ չորս աւետարանները կը կարդայ ամէն օր կարգաւ. եւ այդ կարգին շարունակութեամբ չորս աւետարաններէն Քրիստոսի Երուսաղէմ Գալստեան կտորները Յինանց Է. Կիրակիին ինկած են՝ որով Ծաղկազարդի յիշատակութեան կրկնութիւնը տեղի կ՛ունենայ: Տոհմային յիշատակ մըն ալ աւելցած է նոյն օրուան վրայ. իբր զի աւանդութեամբ հասած է մեզի թէ հրեշտակ մը ամէն օր կ՛այցելէր Լուսաւորչին Խորվիրապին մէջ, այլ Համբարձման Դ. օրը եկած չըլլալով՝ Լուսաւորչին բացատրած է թէ Քրիստոսի Համբարձումը տօնելու համար՝ հրեշտակներու դասերէն իւրաքանչիւրն օր մը հանդէս կը կատարէ, եւ ինքը Դ. դասէն ըլլալով՝ Դ. օրը չէր ուզած իր դասին հանդէսներէն բացակայիլ: Վկայասէր այդ յիշատակը խառնած է օրուան շարականին: Երկրորդ Ծաղկազարդի օրն ալ 35 օրերու շարժականութեամբ Մայիս 3-էն մինչեւ Յունիս 6 կրնայ հանդիպիլ:
Աղբյուրը՝ Մաղաքիա արքեպ. Օրմանեան, Ծիսական բառարան
Կարդացեք նաև Աւագ շաբաթ
Posted on May 17, 2015, in Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանյան and tagged Համբարձում, Երկրորդ Ծաղկազարդ. Bookmark the permalink. Leave a comment.
Leave a comment
Comments 0